Ganch number 22 / Կանչ թիւ 22 episode artwork

EPISODE · Jun 4, 2023 · 1H 7M

Ganch number 22 / Կանչ թիւ 22

from Ganch Podcast

Սիրելի Հայրենակիցներ,ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Ջաւախք» Հիմնադրամի յանձնախումբը, լաւատեղեակ ըլլալով Ջաւախքի լեզուական, կրթական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային հարցերուն եւ լաւապէս ըմբռնելով ջաւախքահայութեան կարեւորութիւնը Մայիս ամիսը հռչակած է «Ջաւախքի ամիս»: Ամիսը պիտի յատկանշուի քարոզչական, հանգանակային եւ այլ ծրագիրներով, որոնց ընթացքին մեր թերթերու, ընկերային ցանցերու եւ հեռատեսիլի ճամբով ձեզի պիտի ներկայացուին ՀՕՄ-ի հովանաւորած երեք երիտասարդական կեդրոններուն եւ Ախալքալաքի TUMO-ի ծրագիրներուն սատար հանդիսանալու կարեւորութիւնը:ՀՕՄ-ը կը հաւատայ, որ ջաւախքահայութեան գոյատեւման գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երիտասարդութիւնը կառչած պէտք է մնայ իր հողին եւ տէր կանգնի իր պապենական ժառանգին:ՀՕՄ-ը կը հաւատայ նաեւ, որ համատեղ ճիգերով այս երիտասարդական կեդրոնները ամուր պէտք է պահուին, ազգային դաստիարակութեան նպատակով նորահաս սերունդները պէտք է շարունակեն մէկ յարկի տակ համախմբուիլ եւ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւիլ: Սակայն, այս բոլորը կը կարօտին մեծ նիւթական նպաստի:Ուստի, ձեզի կը դիմենք, որպէսզի նշանակալից հանգանակութեամբ սատարէք այս կեդրոններուն պահպանման եւ զարգացման:Ջաւախքի երիտասարդական կեդրոններուն զօրակցիլը ազգային անյետաձգելի պարտականութիւն մըն է:Ձեր նիւթական օժանդակութիւնը կրնաք ուղարկել.-1) Վճարագրով՝ ARS Foundation-ին, հետեւեալ հասցէին՝Armenian Relief Society of Canada3401 Olivar Asselin, Montreal, QC, H4J 1L52) Այցելելով ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանի կայքէջը՝ https://ars-canada.ca/սեղմելով Donate Now կոճակը, ապա ընտրելով Aid to Javakhk fund-ը՝3) Ե-փոխանցումով (E-transfer), ՀՕՄ-ի Շրջ. Վարչութեան ե-նամակի հասցէին՝ [email protected]Բոլոր պարագաներուն կը խնդրենք նշել, թէ դուք ձեր նուիրատուութիւնները կը կատարէք Ջաւախքի Օժանդակութեան (Aid to Javakhk), որուն դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ ստացագիր: Hosted on Acast. See acast.com/privacy for more information.

Episode metadata supplied by the publisher feed · Published Jun 4, 2023

Embed this episode

NOW PLAYING

Ganch number 22 / Կանչ թիւ 22

0:00 1:07:39

No transcript for this episode yet

We transcribe on demand. Request one and we'll notify you when it's ready — usually under 10 minutes.

No similar episodes found.

No similar podcasts found.

Frequently Asked Questions

How long is this episode of Ganch Podcast?

This episode is 1 hour and 7 minutes long.

When was this Ganch Podcast episode published?

This episode was published on June 4, 2023.

Can I download this Ganch Podcast episode?

Yes. Use the download control on the episode player to save the publisher-provided media file.
URL copied to clipboard!