EPISODE · Sep 6, 2026 · 1H 7M
Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69
from Եկէք անկեղծ խօսինք
🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը:💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու:🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները:🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց:🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր օգտագործման եւ առողջ ապրելակերպի ճիշդ սահմանը:🇦🇲Հայաստանի մէջ սեռային կեանքի վերաբերեալ տարածուած թիւրիմացութիւններն ու ատոնց սրբագրումը:💪Առողջութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութիւնը ծննդեան օրէն մինչեւ կեանքի վերջ՝ կարեւորելով ոչ թէ միայն ապրած տարիներու քանակը, այլեւ որակն ու առողջ ապրիլը:Ո՞վ է մեղաւոր առկայ պարտութիւններուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս դժուարութիւնները վերածել ինքնաքննադատութեան, վերագնահատման ու վերաիմաստաւորման առիթի:Ի՞նչ լուծում ունի վերջին 35 տարիներու ժողովրդագրական տեղապտոյտը, եւ ինչո՞ւ հայերը պէտք է հաւաքուին ու ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք տղամարդոց առողջութեան մասնագէտ, միզասեռախտաբան, հանրային գործիչ Ռաֆֆի Ջանեցեանի հետ։
Embed this episode
NOW PLAYING
Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69
No transcript for this episode yet
Similar Episodes
No similar episodes found.
Similar Podcasts
No similar podcasts found.